Search
Close this search box.

Ալիեւ Փաշինեանին յիշեցուցած է «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին յիշեցուցած է «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարությունը։

ԱՓԱ լրասփիւռին համաձայն՝ Սեպտեմբեր 29-ին ելոյթ ունենալով Քաղաքաշինութեան համաժողովին, Ալիեւ ըսած է, որ «եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը ճիշդ վերլուծէ այն իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցան 2019-ին Հայաստանի վարչապետին կողմէ կատարուած այդ գրգռիչ յայտարարութենէն ետք, թէ «Ղարաբաղը Հայաստան է»՝ մինչեւ Սեպտեմբեր 20-ը, ապա խաղաղութիւնը լեռներու ետեւը չէ: Ահա թէ մենք ինչպէս կը տեսնենք Հարաւային Կովկասի ապագան, ամբողջ տարածաշրջանի ապագան»։

“Այժմ՝ Սեպտեմբեր 20-ին տեղի ունեցածէն յետոյ, հասած է պահը, որ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները միասին նստին եւ աշխատին խաղաղ համաձայնագրի նախագծին վրայ”,– շարունակած է Ալիեւ՝ աւելցնելով, որ «Սեպտեմբեր 20-էն յետոյ, երբ Ազերպայճան վերականգնեց իր ինքնիշխանութիւնը, ա՛լ աւելի դիւրին է լուծում գտնել եւ որքան կարելի է արագ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը։ Իսկ անկէ ետք կամ ատոր զուգահեռ, աշխուժօրէն աշխատիլ երկու երկիրներու սահմանազատման ուղղութեամբ եւ վերջ տալ երկարատեւ առճակատման»,– պնդած է Ազերպայճանի բռնապետը։