Եւրոպական խորհրդարանը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5-ին լայն մեծամասնութեամբ,– 491 թեր, 9 դէմ եւ 36 ձեռնպահ ձայներով,– քուէարկուած բանաձեւով մը դատապարտեց Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումը՝ Ազերպայճանի յարձակումէն յետոյ եւ արտայայտուեցաւ Պաքուի դէմ թիրախաւորուած պատիժներ կիրարկելու ի նպաստ։
Սթրազպուրկի մէջ հաւաքուած Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու կարծիքով՝ ստեղծուած իրավիճակը համազօր է ցեղային զտման։ Առ այդ, անոնք պահանջեցին թիրախաւորուած պատիժներ սահմանել Ազերպայճանի ղեկավարներուն դէմ, որոնք մեղաւոր կը նկատուին Արցախի մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց ոտնահարման եւ հրադադարի խախտման համար։
Բանաձեւը նաեւ Ազերպայճանէն կը պահանջէ յանձնառու ըլլալ համաներում յայտարարելու նախքան 2023 Սեպտեմբեր 19-ը եւ անկէ ետք ձերբակալուածներու, այդ կարգին տարածաշրջանի նախկին պաշտօնատարներուն համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։