Search
Close this search box.

France 2-ի յայտագիրը – Գաթրին Գոլոնա. «Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը նման է ցեղային զտման»

Հոկտեմբեր 5-ի երեկոյեան, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Գաթրին Գոլոնա, France 2-ի հարթակէն իր ելոյթին անդրադարձաւ Արցախի իրավիճակին եւ վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Հայաստանին:

Արցախի մէջ ցեղային զտման մասին հարցումին ան պատասխանեց.

«Նման բան կը յիշեցնէ: Մարդիկ ստիպուած լքած են իրենց նախնիներու հողը, ստիպուած դուրս եկած են այնտեղէն` վերջին ռազմական գործողութիւններէ ետք կամ նոր ռազմական գործողութեան սպառնալիքի տակ: Սա ինքնակամ ելք մը չէ եղած»,– ըսաւ ան:

Իրադարձութիւններու նկարագրութեան համար նախարարուհին օգտագործեց «յանցագործութիւն» եւ «ողբերգութիւն» բառերը:

Ան վստահեցուց` պէտք է յուսալ, որ տեղահանուածները «կը կարողանան վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղ»:

Գոլոնա յիշեցուց` «Ֆրանսա հինէն ի վեր Հայաստանի բարեկամն է»: Ինչ կը վերաբերի Ազերպայճանի դէմ պատիժներ կիրարկելու հարցումին` դիւանագէտը նշեց, թէ այդ հարցը «օրակարգի վրայ չէ»:

«Մենք աջակցութիւն կը ցուցաբերենք հայերուն, յատկապէս` մարդասիրական եւ բժշկական բնագաւառներու մէջ»,– նշեց ան, շարունակելով թէ՝ Ազերպայճան ստիպուած է յարգելու միջազգային իրաւունքը եւ իր պարտաւորութիւնները։

«Մենք Հայաստանին կ՚աջակցինք նաեւ դիւանագիտական, քաղաքական եղանակով»,– շեշտեց Գոլոնա:

Ան վերահաստատեց, որ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարին յանձնարարած է գնահատել Հայաստանին ռազմական օգնութիւն յատկացնելու իրենց կարելիութիւնը: Նախարարուհին մերժեց յստակ ժամկէտ եւ զինատեսակներու վերաբերեալ նշումներ ընել, այդ կէտերը որակելով պետական գաղտնիք:

«Մենք Երեւանի հետ երկխօսութեան մէջ ենք` գնահատելու համար, թէ ի՛նչ զինատեսակներու կարիքը կայ: Այդ նաև միջոց է խուսափելու ա՛լ աւելի բարդ իրավիճակէ, որուն այս անգամ, անկասկած, պիտի հետեւին Եւրոպայի կամ նուազագոյնը Ֆրանսայի խիստ պատիժները»,– եզրափակեց տիկին Գոլոնա: