Search
Close this search box.

Վատիկանի մէջ գումարուած Սինոդոսի մասնակիցները աղօթած են Արցախի համար

Խաժակ արք. Պարսամեան

Հոկտեմբեր 7-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ. դահլիճին մէջ Եկեղեցական գերագոյն ժողովի (Սինոդոս) մասնակիցները աղօթած են Արցախի համար:

«Ողորմէ համայն աշխարհին եւ այն հողերուն, որոնք այժմ կը տառապին պատերազմներէ, անարդարութիւններէ, ցաւէ եւ բռնութիւններէ, յատկապէս մեր սուրբ հողերուն` Հայաստանին եւ Արցախին»,– նշուած է աղօթքին մէջ:

Վատիկանի մէջ Հոկտեմբեր 4-ին սկիզբ առած Եկեղեցական գերագոյն ժողովին կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ եւ թեմերէ 464 ժողովականներ, որոնցմէ 365-ը Սինոդոսի անդամներ են եւ մնացեալը՝ հիւրեր։

Հիւրերու շարքին է նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան, որ Հոկտեմբեր 7-ի առաւօտեան գլխաւորած է Սինոդոսական նիստին բացման աղօթքը։

Աղօթքէն առաջ նոյն վայրին մէջ հնչած է նաեւ «Տէր ողորմեա» շարականը կատարողութեամբ Լիբանանահայ Ռիթա Քուրումելեանի, որ իր կարգին անդամ է Սինոդոսին` որպէս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխարհական ներկայացուցիչ, տրուած ըլլալով, որ այս տարի առաջին անգամն ըլլալով աշխարհականներուն եւս առիթ տրուած է մասնակցելիւ Սինոդոսին։