Search
Close this search box.

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ

Հոկտեմբեր 8-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում: Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մատուցուած պատարագի ընթացքին, ձեռամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, եպիսկոպոսութեան աստիճանի արժանացած են Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան Տնօրէն ժողովի ատենապետ Թէոդորոս ծ. վրդ. Զաքարեան, ԱՄՆ-ու Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Կորիւն ծ. վրդ. Բաղդասարեան եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Կիրակոս վրդ. Դաւթեան: 

Սրբազան արարողութիւններուն առիթով Սուրբ Էջմիածին ժամանած են թեմակալ առաջնորդներ, ներկայացուցիչներ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութենէն, Մայր Աթոռի բարերարներ, ուխտաւորներ Հայաստանէն, ԱՄՆ-ու Արեւելեան թեմէն, Իրաքի եւ Վիրահայոց թեմերէն։ 

Նախորդ օրը առաւօտեան Միածնաէջ Մայր տաճարին մէջ` Իջման Սուրբ սեղանի առջեւ կատարուած է ուխտադրման արարողութիւնը: Եպիսկոպոսացու վարդապետները, ծնրադիր վերահաստատելով Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին հաւատարմութեան ուխտը, եկեղեցականներու ներկայութեամբ ստորագրած են իրենց երդմնագրերը:  

Պատարագի սրբազան արարողութեան ընթացքին, «Աստուածային եւ երկնային շնորհ» շարականի երգեցողութեան ներքոյ վարդապետները, ծունկի եկած վեր բարձրացնելով իրենց ձեռքերը, կրկին անգամ հրաժարած են աշխարհէն: 

Այնուհետև Մայր Աթոռի լուսարարապետ Մուշեղ եպիսկ. Բաբայեան հանդիսաւոր թափօրով Սուրբ Խորան բարձրացուցած է Սրբալոյս միւռոնը, որով Նորին Սրբութիւնը, եպիսկոպոսութեան կոչելով Օշական, Թէոդորոս, Մեսրոպ, Կորիւն եւ Կիրակոս վարդապետները, օծած է անոնց ճակատներն ու աջ ձեռքերու բութ մատները: 

Արարողութեան աւարտին նորաօծ եպիսկոպոսներուն յանձնուած են նաեւ իրենց եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշերը` եպիսկոպոսական գաւազան ու մատանի:

Յիշարժան այս օրուան առիթով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն իր հայրապետական պատգամը ուղղած է հաւատաւոր ժողովուրդին եւ նորաօծ եպիսկոպոսներուն՝ ի մասնաւորի ընդծելով. 

“Այսօր վերստին աղօթքը մեր շուրթերին Ադրբեջանի ռազմական ոճրագործութիւնների եւ Արցախի հայաթափման պատճառով լրջագոյն մարտահրաւէրներ դիմագրաւող մեր հայրենիքի եւ ժողովրդի համար՝ Ամենակալ Տիրոջ բարեխնամ կամքով ու ողորմութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում կատարեցինք եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն և օծում”։ 

(…)

“Ներկայիս, երբ Արցախի հայաթափման հետեւանքով մեր ազգը գտնւում է լուրջ հիմնախնդիրների յանդիման, մեր Եկեղեցին, մեր սրբազան հայրերը, հոգեւոր սպասաւորները կանգնած են լուրջ պատասխանատւութեան առջեւ՝ նախանձախնդրութեամբ իրենց կարեւոր նպաստը բերելու Արցախից բռնի տեղահանուածներին մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքներին, մխիթարելու ցաւի ու նեղութիւնների մէջ գտնուող մեր քոյրերին ու եղբայրներին”։

Այնուհետև դիմելով նորաօծ եպիսկոպոսներուն՝ Հայոց Հովուապետը մաղթած է, որ ամրանան Սուրբ Հոգիի առատաբուխ շնորհներով, երանելի Սուրբ հայրերու նմանողութեամբ պատրաստ ըլլան վերցնելու իրենց խաչը եւ հետեւելու մեր Տիրոջը։ 

Պատարագի աւարտին, խորանին առջեւ նորընծաները շնորհաւորած է նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը: