Հոկտեմբեր 7-ի առաւօտեան Համասի անակնկալ յարձակումը Իսրայէլի վրայ, մեզ՝ Հայերս կը հետաքրքրէ բազում դիտանկիւններէ։ Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ եւ միջազգային մակարդակի ամէնէն արդիական զինամթերքի, ինչպէս նաեւ ամէնէն կատարելագործուած բանակի տէր պետութեան համբաւը կը վայելէ։ Մեծ մասամբ անոր արտադրած գերարդիական զինամթերքին, անօդաչու սարքերուն շնորհիւ Ազերպայճան կրցաւ վերագրաւել Արցախն ու յարակից շրջանները։ Անոր ազգային բանակի հայեցակարգը, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք՝ հայկական բանակի վերակազմաւորման համար բազմաթիւ քննարկումներու առիթ դարձան։
Այսքան հզօր ու փառաբանուող բանակն է, որ արաբ-իսրայէլական քանի մը պատերազմներէ յաղթական դուրս գալէ ետք, անտեսելով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը՝ պաղեստինցի ժողովուրդը խեղճացուցած է, զայն համախմբելով Կազայի գօտիին ու Այսրյորդանանի մէջ, ուր իսրայէլեան նորահաստատ գաղութները այդ նոյն բանակին հովանաւորութեամբ, օր ըստ օրէ կը գրաւեն պաղեստինցի ժողովուրդին պատկանող կալուածները։ Այսքան անարդար իրադրութեան մէջ է, որ Հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլ ենթարկուեցաւ Կազայի գօտէին՝ Համասի համատարած յարձակման։ Իսրայէլի պաշտպանական բոլոր կառոյցները փուլ եկան, Կազան շրջապատող հսկայական պեթոնէ եւ մետաղէ պարիսպները, ելեկտրոնային վերահսկողութեան սարքերը անզօր դարձան կասեցնելու Համասի զինուորեալներու յարձակումները, որոնք գործածեցին օդային, ծովային եւ երկրային յարձակումի նորահնար միջոցներ։
Ապշեցուցիչ էր տեսնել, թէ ինչպէս սարսափելի զրկանքներու ենթարկուած Կազայի Պաղեստինցիները, Համաս ծայրայեղական կուսակցութեան կազմակերպութեամբ կրցան զինուիլ, զինամթերք հաւաքել, պահել, կազմակերպել, մինչ տասնեակ տարիներէ ի վեր այնպիսի խիստ շրջափակումի պայմաններու ենթարկուած են, որոնցմէ խուսափիլը անհնար կը թուէր ոեւէ զինուորական մասնագէտի ու վերլուծողի։
Երբ պարզ բաղդատական մը կ՚ընենք Պաղեստինցիներու ու Հայերու անցեալ 30 տարիներու շրջափակումներուն եւ պատերազմի պատրաստութեան, Հայերուն ապրած պայմանները աւելի յարմարաւէտ կը թուին ըլլալ։ Հայերուն ինքնակազմակերպումի թերացումները շուտով ջուրի երես կ՚ելլեն, եւ ոչ մէկ արդարացում կ՚ընդունին։ Նիւթական, մարդկային, գիտական ու կրթական միջոցներ չեն պակսած. անցեալին ցեղասպանուած ժողովուրդի յիշողութիւնը՝ ազգային գիտակցութիւնը պահած է արթուն, հանդիսացած է ազգային միասնականութեան էական ազդակ։ Միջազգային հարթակներու վրայ Հայ դատի պահանջով հանդէս եկած ենք այս բոլորով հանդերձ, սակայն եղած ենք այնքա՜ն անփոյթ ազերական բանակին դիմաց, որքա՜ն անզօր՝ թուրքեւազերական դիւանագիտական ու քաղաքական խաղերուն, եւ նոյնքան ալ՝ ռուսական խորամանկ բարեկամութեան։ Այնուհետեւ ալ պարտութիւնը բացատրած ենք իսրայէլական ու թրքական զինամթերքի գերակայութեամբ եւ վարձկան իսլամապաշտ զինուորներու ներգրաւումով, Ռուսերու՝ դաշնակցային պարտականութիւնները չկատարելու մեղադրանքով։ Պաղեստինցի ժողովուրդի դիմադրականութիւն ու անոր ընդյատակեայ աշխատանքը, անոր հաւատքն ու հնարամտութիւնը այլ բան կը փաստեն։
Համասի յարձակումին բացառիկ բնոյթը, սակայն, արատաւորուեցաւ իր նոյնքան անմարդկային վերաբերումով՝ իսրայէլացի անզէն ժողովուրդի խոշտանգումներով, երախաներու, տարեցներու, կիներու հանդէպ անմարդկային վերաբերումով։
Այստեղ ալ կան նմանութիւններ ազերական բանակի ռազմական ոճիրներու, Համասի քրէածին արարքներու եւ Իսրայէլացիներու կողմէ՝ Կազայի նման խիտ բնակչութիւն ունեցող բնակավայրի կոյր ռմբակոծումներուն միջեւ, ուր հազարներով կը հաշուեն զոհերն ու վիրաւորները, որոնց մեծ մասը անմեղ երախաներ, տարեցներ, քաղաքացիներ են։ Իսրայէլացիները կը պատժեն Պաղեստինցիները յորդառատ ռմբակոծումներով եւ շրջափակումի խստացուած պայմաններ որդեգրելով, սակայն Ազերիներն ու Իսրայէլացիները կը մնան անպատիժ։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։