Search
Close this search box.

ԺԸՆԵՒ – ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդը ներկայացուցած է միատեղ յայտարարութիւն մը՝ Արցախի կացութեան վերաբերեալ

Ժընեւի մէջ ընթացող ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 54-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ, 34 երկիրներ Հոկտեմբեր 11-ին հանդէս եկած են միատեղ յայտարարութեամբ, ուր խոր մտահոգութիւն յայտնուած է Արցախի մարդասիրական եւ մարդկային իրաւանց ծանր ճգնաժամի կապակցութեամբ։ Միատեղ յայտարարութիւնը կարդացուած է ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին մէջ Ֆրանսայի մնայուն ներկայացուցչութեան կողմէ։

Հոն նշուած է, որ հայ ազգաբնակչութեան զանգուածային տեղահանումը իրենց տուներէն տեղի ունեցած է Սեպտեմբեր 19-ին Ազերպայճանի սանձազերծած ռազմական գործողութեան, ինչպէս նաև Բերձորի միջանցքի՝ ամբողջ ինն ամիս փակ պահուելուն հետեւանքով։

Միատեղ յայտարարութեան հեղինակները համաձայն եղած են Մարդկային իրաւանց հարցերու ՄԱԿ-ի բարձր յանձնակատար Վոլքեր Թիւրքի հետ, թէ անհրաժեշտ է անյապաղ, անկախ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն կատարել Արցախի մէջ արձանագրուած մարդկային իրաւանց եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն շուրջ։ Անոնք նաեւ համոզում յայտնած են որ Բարձր յանձնակատարի գրասենեակը պէտք է մշտական դիտարկում կատարէ Արցախի մէջ, հանդիպում ունենայ Հայաստան ապաստանած տեղահանուածներուն հետ եւ այդ բոլորի մասին զեկուցէ Մարդկային իրաւանց խորհուրդին։ Երկիրները պատրաստակամութիւն յայտնած են Խորհուրդին մէջ քննարկելու հետագայ այլ քայլերու կարելիութիւնը։

Յայտարարութիւնը կոչ կ՚ընէ Ազերպայճանին անյապաղ ստեղծելու պայմաններ՝ կամաւոր, անվտանգ, արժանապատիւ եւ մնայուն վերադարձ ապահովելու այն անձերուն համար, որոնք կը փափաքին վերադառնալ Արցախ, գործադրել Մարդկային իրաւանց Եւրոպական ատեանի Սեպտեմբեր 22-ի միջանկեալ որոշման դրոյթները, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի 2021 Դեկտեմբեր 7-ի, 2023 Փետրուար 22-ի եւ 2023 Յուլիս 6-ի որոշումները, երաշխաւորել հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։

Յայտարարութեան միացած են՝ Հայաստան, ԱՄՆ, Ֆրանսա, Գերմանիա, Պելճիքա, Աւստրալիա, Աւստրիա, Սպանիա, Գանատա, Կիպրոս, Յունաստան, Ճափոն, Միացեալ Թագաւորութիւն, Նետերլանտներ, Շուէտ, Զուիցերիա, Ուրուկուայ եւ 17 այլ երկիրներ։