Search
Close this search box.

ԵԽԽՎ – Երբ Ազերպայճանի ներկայացուցիչը մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարական կառավարման մասին կը ճառէ

Արմէն Գէորգեան

Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) լիագումար նիստին ելոյթ ունենալով, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արմէն Գէորգեան յայտարարած է, թէ ԵԽԽՎ-ն պէտք է ինքզինքը բիւրեղացնէ եւ դադրեցնէ բռնատիրական պետութիւններու անդամակցութիւնը։ 

“Տարօրինակ է Ազերպայճանի ներկայացուցչին՝ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարական կառավարման վերաբերեալ զեկոյց ներկայացնելը (*)։ Աւելի՛ն, զեկոյցը կը ներկայացնէ երկրի մը իշխող կուսակցութեան անդամը, որ տակաւին երէկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնիկ հայ բնակչութիւնը ամբողջութեամբ ցեղային զտման ենթարկեց”,– ըսած է Գէորգեան։

Ան նշած է, որ աջ ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնները բաղկացած են ազգայնական, այլատեաց, ռազմատենչ եւ բռնատիրական տրամադրութիւններէ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր առկայ եղած են Ազերպայճանի մէջ։

“Մենք չկրցանք կանխել 100.000 Հայերու բռնագաղթը՝ ռազմական ուժի ներքոյ՝ դաժան բռնապետ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Սա խայտառակութիւն է Եւրոպայի համար”,– շեշտած է ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակը։

_______

(*) – Նշենք, թէ ԵԽԽՎ-ի աշնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին՝ «Աջ ծայրայեղական գաղափարախօսութեան Եւրոպայի յղած մարտահրաւէրը ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ» նիւթին շուրջ քննարկման ընթացքին զեկոյց ներկայացուցած է ԵԽԽՎ-ի մէջ ազերպայճանական պատուիրակութեան ղեկավար Սամատ Սէիտով։