Search
Close this search box.

ՀՌՈՄ – Իտալացի լրագրողներուն եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի դեսպանին պարգեւատրումը

Մաշտոց վրդ. Զահթերեան Վատիկանէն կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 15-ի յետմիջօրէին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի, ներկայութեամբ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանի, տեղի ունեցած է իտալացի լրագրողներու պարգեւատրումը։

Ներկայ եղած են նաեւ Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, հոգեւոր հայրեր, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան անդամներ, Լեւոնեան վարժարանի սաներ եւ հայ ու իտալացի հրաւիրեալներ։

Արարողութեան ընթացքին Կաթողիկոս պատրիարքը պարգեւատրած է իտալացի այն լրագրողները, որոնք իրենց առօրեայ աշխատանքով ու յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի օրերէն սկսեալ իրենց գրիչով, իտալական թերթերու միջոցաւ հանրութիւնը հասու դարձուցին անցուդարձերուն, պաշտպանեցին արդարութիւնը, Արցախի ժողովուրդին իր հողերուն վրայ խաղաղ ապրելու իրաւունքը։

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկած է Վարժարանի մեծաւոր` Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, ապա Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռոպէր Աթթարեան ներկայացուցած է լրագրողները՝ Մարքօ Թոզաթթին, Ֆրանքա Ճանսոլտաթին, Վիք Վան Պրանթեկէմը, Մարիա Քիարա Պաճոնին եւ Անտրէա Կալիարտուչչին, որոնք պարգեւատրուած են սուրբ Խաչով եւ շնորհակալական վկայագրով։ 

Ապա, անակնկալօրէն կաթողիկոսական տնօրինումով, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալով Կաթողիկոս պատրիարքը պարգեւատրած է դեսպան Կարէն Նազարեանը, որուն պաշտօնավարութիւնը մօտ օրերուն իր աւարտին կը հասնի։

Դեսպանին պարգեւատրումը

Ան բարձր գնահատած է դեսպանին տարիներու աշխատանքը ի սպաս հայ ժողովուրդի եւ հայկական պետականութեան։ Դեսպան Նազարեան, իր սրտի խօսքը արտասանած է բարձր գնահատելով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի եւ Լեւոնեան վարժարանի ունեցած մնայուն աջակցութիւնը դեսպանութեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն։

Աւարտին, Կաթողիկոս պատրիարքը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնները յայտնած է բոլորին, այս մութ ու տխուր օրերուն քաջաբար արդարութեան պահանջով իրենց ձայնը բարձրացնող լրագրողներուն, որոնք ի հեճուկս քաղաքական ճնշումներու դիմակայեցին եւ երբեք չնահանջեցին, քաջալերած է զանոնք շարունակելու իրենց գործունէութիւնը յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան։