Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) դիմած է Իսրայէլի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանի թեկնածու Ժագոպ Լեւին, որ օգնէ դադրեցնելու իսրայէլական զէնքի վաճառքը Ազերպայճանին։ Լուրը հաղորդած է Յանձնախումբը X-ի իր էջին գրառումով։
«Հայ դատի յանձնախումբը դիմած է Իսրայէլի մէջ Ամերիկայի յաջորդ դեսպանին՝ կոչ ուղղելով համապատասխանեցնելու Իսրայէլի քաղաքականութիւնը ԱՄՆ-ու հիմնական առաջնահերթութիւններուն (ցեղասպանութեան կանխարգիլում, տարածաշրջանային խաղաղութիւն, կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ յարգանք), եւ դադրեցնելու զէնքի վաճառքը Ազերպայճանին, ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, կանխելու ատելութեան հիմքով յանցագործութիւնները»,– գրած է Յանձնախումբը։
Գրառման մէջ նշուած է, որ Ազերպայճանի զինանոցի մինչեւ 70%-ը կը բաղկանայ իսրայէլական զէնքերէ, եւ այդ զէնքերը, ներառեալ՝ բեկորային ապօրինի զինամթերքը, հրթիռային համակարգերը եւ անօդաչու սարքերը, մեծ դեր խաղացին Արցախի դէմ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններուն մէջ։
«Որպէս հայ-ազերպայճանական հակամարտութիւններու կարգաւորման գործընթացի կողմ՝ ԱՄՆ պատասխանատւութիւն կը կրէ եւ պէտք է արգելք հանդիսանայ մեր ռազմական գործընկերներու՝ խաղաղութեան երկարաժամկէտ հեռանկարները խաթարելուն՝ իւղ լեցնելով տարածաշրջանային կատաղի կրակներուն վրայ»,– ի միջի այլոց նշուած է գրառման մէջ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։