Search
Close this search box.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ մարդասիրական աջակցութիւն՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն

Հաղորդագրութիւն

«Արամ Առաջին Մեծի Տանն Կիկիկիոյ կաթողիկոսը, Արցախեան հայենիքի իննամսեայ պաշարումին յաջորդած՝ Արցախի մեր ժողովուրդի աւելի քան 100.000 զաւակներուն բռնի տեղահանումին հետեւանքով, կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը մատակարարելու մեր տարագրուած հայրենակիցներուն։ Այս յանձնախումբի անդամներն են Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան արք. Դանիէլեան (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի), Գերաշնորհ Տէր Թորգոմ եպիսկոպոս Տօնոյեան (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի), մէթր Ժիրայր Հապիպեան (ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ու շրջակայից թեմի) եւ տիար Յակոբ Լուսարարեան (անդամ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան)։

 Վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ յիշեալ յանձնախումբը եռօրեայ այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ Հայաստան՝ գործնական քայլերու դիմելու նպատակաւ։

 Արդարեւ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18-ի առաւօտուն, սրբազան հայրերը հանդիպում ունեցան Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ, անոր հաղորդեցին Արամ Ա. կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները եւ Վեհափառ հայրապետի ու Կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռին զօրակցութիւնը յայտնեցին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն։ Գարեգին Բ. կաթողիկոս, իր կարգին, դրուատիքով արտայայտուեցաւ Նուիրապետական զոյգ Աթոռներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան ոգիին մասին, զայն որակելով ցցուն ապացոյց Հայ եկեղեցւոյ ներքին միութեան ու զօրութեան, միաժամանակ անդրադարձաւ թեմակալ առաջնորդներու հետ տարուած բարեսիրական աշխատանքներուն։

Յիշեալ հանդիպումէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրերը, յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ, այցելեցին Երեւանի, Պռոշեանի եւ Կոտայքի մէջ ապաստանած գաղթականներուն եւ իրենց յորդորներով հաւատք ու յոյս ներշնչեցին ներկայ ահաւոր տագնապներէն տառապող հայորդիներուն։ Յանձնախումբը նաեւ տեսակցութիւն ունեցաւ Արագածոտնի մարզպետ Սերգէյ Մովսիսեանի հետ։

 Յայտնենք, որ յանձնախումբը իր այցելութեան ընթացքին կատարեց նիւթական յատկացումներ տեղահանուած ընտանիքներուն»։