Search
Close this search box.

Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքին դիմաց յանցագործական արարքներ կատարելու կասկածանքով 10 հոգի ձերբակալուած է

Հայաստանի քննչական կոմիտէի Արաբկիր շրջանի բաժնին մէջ քննութիւն կը կատարուի՝ Հոկտեմբեր 20-ին, Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքին դիմաց խումբ մը անձերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խուլիգանութեան, բռնութեան գործադրման, ինչպէս նաեւ՝ յափշտակութեան հանգամանքները բացայայտելու համար։

Առ այդ 10 անձերու ձերբակալութեան որոշում կայացուած է։

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։