Ֆրանսայի Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանի փոխնախագահ, Վիէնի քաղաքապետ Թիէրի Քովաքս, պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Հայաստան կը գտնուի։
Հոկտեմբեր 21-ին Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան ընդունած է Քովաքսը եւ անոր փոխանորդ Լեւոն Սաքունցը:
Քովաքս Հայաստան կը գտնուի որպէս Սիւնիքի հետ գործակցութեան յուշագիր կնքած Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ, Հայաստանի բարեկամ Լոռան Վոքիէի բանագնաց: Ան Սիւնիքի մարզպետին փոխանցած է Լոռան Վոքիէի ջերմագին ողջոյնը սիւնեցիներին ու Արցախէն բռնի տեղահանուած Հայերուն եւ շեշտած, որ Ազերպայճանի ըրածը պէտք է ամէնուր լսելի դարձնել եւ դատապարտել, եւ իրենք նոյնպէս սա կ՚որակեն որպէս ցեղային զտում:
“Ինչ որ դուք այստեղ ըրիք քանի մը օրուան ընթացքին՝ տեղահանուածները ձեր մարզը ընդունելով, մեզ դրականօրէն զարմացուց, եւ պէտք է նշել, որ իւրաքանչիւր նման իրադարձութիւն ազդակ է՝ ֆրանքեւհայկական կապը աւելի ամրացնելու եւ Ֆրանսայի աջակցութիւնը աւելցնելու համար”,– նշած է Թիէրի Քովաքս:
Այս շրջածիրին մէջ, մէկ օր առաջ, Լոռան Վոքիէի նախաձեռնութեամբ, Օվերնեը-Ռոն-Ալփի շրջանային խորհրդին մէջ բոլոր քաղաքական ուժերը միաձայնութեամբ ընդունած են անոր (Վոքիէի) առաջարկած բանաձեւը, ըստ որուն Սիւնիքի յատկացուող նախնական 300.000 եւրօ օգնութիւնը կրկնապատկուելով՝ դարձած է 600.000 եւրօ:
Այս աշխատանքային այցի նպատակն է մարզպետին հետ քննարկել այն ոլորտներն ու կարիքները, որոնց պիտի ուղղուին յատկացուող միջոցները: Թիէրի Քովաքս Սիւնիքի մարզպետ Ռ. Ղուկասանին յանձնած է Լ. Վոքիէի պաշտօնական նամակը, որ մարզպետին եւ Սիւնիքին աջակցելու վերահաստատումն է։
Մարզպետ Ղուկասեան ալ իր շնորհակալութիւնը յայտնած է այս կարեւոր նիւթական օժանդակութեան յատկացման համար եւ ընդգծած Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանի նախաձեռնութեամբ մինչեւ գարուն Սիւնիքի բոլոր՝ եօթը համայնքներու՝ Ֆրանսայի մէջ զուգորդ քաղաքներ ունենալու երեւոյթին կարեւորութիւնը։
“Հրաշալի է, որ հայ-ֆրանսիական բարեկամական յարաբերութիւնները նաեւ մարզային ու համայնքային մակարդակում են ամրանում, ինչը խօսում է այն մասին, որ մենք շատ արդիւնաւէտ ենք համագործակցում եւ, որ մեր երկկողմ նպատակները նոյնական են”,–ըսած է մարզպետ Ղուկասեան:
Բանագնացներու այցի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է նաեւ հանդիպում մը մարզի համայնքներու ղեկավարներուն հետ: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։