Հոկտեմբեր 23-ին, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Թեհրանի մէջ ընդունած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ դրացի եւ բարեկամ երկու երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած է բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ երկու ժողովուրդներու հազարամեայ եղբայրութեան վրայ:
Ընդգծուած է տարբեր բնագաւառներու մէջ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը եւ այդ ուղղութեամբ գործնական քայլերու իրականացումը։
Կողմերը քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։