Search
Close this search box.

Իրան՝ Ռուսաստանը փոխարինելու ճամբուն վրայ

Հոկտեմբեր 23-ը ռազմավարական դիտանկիւնէն շրջադարձային թուական մը հանդիսացաւ Հայաստանի համար. նախ որովհետեւ տարածաշրջանի երկիրներու «3+3» հարթակի հանդիպումն էր Թեհրանի մէջ, որուն մասնակցեցան Իրանի, Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարները, ի բաց առեալ Վրաստանի, որ Ռուսաստանի հետ ունեցած հակամարտութեան պատճառով հրաժարած էր մասնակցելէ։ Ապա նաեւ ու մա՛նաւանդ անոր համար, որ Ֆրանսայի հետ պաշտպանական զէնքերու գնումի պայմանագիր ստորագրուեցաւ։ Այս երկու ռազմավարական ուղղութիւնները թէեւ առաջին հայեացքով իրարու կը հակադրուին, մէկը՝ արեւմտեան թեքումով, միւսը՝ տարածաշրջանային, ուր Իրանի եւ Ռուսաստանի ներկայութիւնը անհանդուրժելի է Արեւմուտքի համար եւ փոխադարձաբար։ Սակայն, Հայաստանի վարչապետը Կրանատայի Եւրոպական քաղաքական համայնքի ժողովէն վերադարձին անդրադարձաւ տարածաշրջանային «3+3» հարթակի հանդիպումին Հայաստանի մասնակցութեան անհրաժեշտութեան, ըսելով թէ Արեւմուտքի գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները պէտք չէ այն տպաւորութիւնը թողուն որ Հայաստան կ՚անտեսէ իր անմիջական դրացիներուն հետ երկխօսութիւնը։ 

Եւ իրօք, Արցախ-Ազերպայճան հակամարտութեան ամբողջ երկայնքին Արեւմուտքի միջամտութիւնը եւ երաշխիքները արգելք չհանդիսացան որ Ազերպայճան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հաւանութեամբ պատերազմ մղէ Արցախի ու Հայաստանի դէմ եւ բռնի ուժի կիրարմամբ գրաւէ ամբողջ Արցախը եւ Արցախահայութիւնը ենթարկէ ցեղային զտումի։ Ալիեւի ռազմական ախորժակը այս կէտին կանգ չառնելով՝ պիտի շարունակէր Սիւնիքով, եթէ Իրան չցցուէր իբրեւ հզօր պատնէշ, արգելք չհանդիսանար Սիւնիքի միջանցքի ռուս-թուրք-ազերական ծրագրի յաջողութեան։ Արդարեւ, Իրան բարձրագոյն մակարդակի յայտարարեց որ պիտի չընդունի որեւէ սահմանային փոփոխութիւն։ 

Այս իրողութենէն մեկնած, Հայաստանի կառավարութեան որոշումը՝ մասնակցելու Թեհրանի մէջ տարածաշրջանայային «3+3» հարթակի հանդիպումին բոլորովին հասկնալի է ու արդարանալի։ Եւրոպան Արցախի հայաթափումը կանխելու առումով անօգուտ գործընկեր ու միջնորդ հանդիսացաւ։ Արթնցաւ երբ Արցախ արդէն ենթարկուած էր ցեղային զտման։ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի շրջափակման գրեթէ 10 ամիսներու ընթացքին զգուշացուցին իրենց արեւմտեան գործընկերները Արցախահայութեան ցեղային զտման վտանգին մասին։ Զգուշացուցին որ Ալիեւի խոստումներուն պէտք չէ ապաւինիլ։ Սակայն, աղէտը տեղի ունեցաւ, հարիւր հազար ժողովուրդ մէկ շաբթուան մէջ լքեց իր պապենական հողը։ Միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու զգուշացումները եւս ոչ մէկ արդիւնք տուին։ Սակայն, անոնց եզրակցութիւններն ու ամբաստանութիւնները,– յատկապէս Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկինը, որ եւրոպացի քաղաքական գործիչները մեղսակից յայտարարեց Արցախի մէջ գործուած ցեղային զտման,– անհետեւանք չմնացին։ ԱՄՆ-ն ու Եւրոպան մարդասիրական օգնութեան ձեռք մեկնեցին, Հայաստան փութացուցին իրենց պատասխանատու պաշտօնեաները։ Նոյնիսկ, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար սկսան առաջարկել ռազմական օգնութեան ծրագրեր։ 

Այս բոլորին մէջ Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը թերեւս ամէնէն ուշագրաւն էր, որուն ջանքերով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանին տեղակայուեցաւ Եւրոպական Միութեան մնայուն դիտարկման առաքելութիւնը, որուն շնորհիւ երկու անգամ հրաւիրուեցաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողով եւ վերջապէս Հոկտեմբեր 23-ին Փարիզի մէջ, Պաշտպանութեան նախարարներ Սեպասթիէն Լըքոռնիւ եւ Սուրէն Պապիկեան կնքեցին պաշտպանական զէնքերու գնումի պայմանագիր։

Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման առումով՝ Արեւմուտք եւ Իրան, երկուքն ալ իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունին, հակառակ անոր, որ ասոնք իրարու հակադիր ճակատներ են միջազգային հարթակի վրայ եւ Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը աւելի լարեց իրավիճակը։ Ռուսաստանն է որ Ուքրաինայի մէջ իր արկածախնդրական պատերազմով՝ կովկասեան ճակատը կորսնցնելու վրայ է, ի նպաստ Իրանին։

Ժ.Չ. ■