Հոկտեմբեր 23-ին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է «3+3» ձեւաչափով Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, զոր կազմակերպած էր Թեհրան։
«Նոր աշխարհ, համագործակցութիւն եւ յառաջընթաց Հարաւային Կովկասի մէջ» բնաբանով, Կովկասի վերափոխման նուիրուած հանդիպումին մասնակցած են Իրանի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարները։
Քննարկուած են տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման ուղիները (քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, տարանցիկ (transit), ուժանիւթային եւ այլն), ինչպէս նաեւ խաղաղութեան առնչուող հարցեր, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւնները:
Նշենք, թէ Վրաստան պաշտօնապէս մերժած էր այս ձեւաչափով հանդիպման մասնակցիլ։
Համաժողովի մասնակիցները, քննարկումներու աւարտին հրապարակած են միացեալ հաղորդագրութիւն մը, ուր ընդգծուած է միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան կարեւորութիւնը։ Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած են հետեւեալ 9 կէտերը.
Նախարարները՝
1 – Նկատի առնելով երկիրներու միջեւ փոխադարձ շահերու եւ բարիդրացնութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու զարգացման կարեւոր բնոյթը՝ ընդգծած են այդ առումով վէճերու խաղաղ կարգաւորման, ինքնիշխանութեան յարգանքի, քաղաքական անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան, ներքին գործերուն չմիջամտելու, սպառնալիքի կամ ուժի կիրարկման արգելքի եւ մարդկային իրաւանց յարգանքի կարեւորութիւնը` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան բոլոր սկզբունքներու հիման վրայ:
2 – Արտայայտելով իրենց դիրքորոշումները միջազգային տարբեր հարցերու շուրջ՝ քննարկած են տարածաշրջանին մէջ առկայ ամէնէն կարեւոր խնդիրները եւ ընդգծած տարածաշրջանային խորհրդատուական «3+3» հարթակի կարեւորութիւնը՝ շինիչ երկխօսութեան կարելիութիւններ ապահովելու եւ տարածաշրջանի առաջնակարգ դեր ունեցող երկիրներու միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւն հաստատելու համար։
3 – Շեշտուած է տնտեսական համագործակցութեան դրական ազդեցութիւնը փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման, ազգերու բարեկեցութեան եւ տարածաշրջանի կայունութեան վրայ։
4 – Ընդգծած են մշակութային համագործակցութեան, մարդոց միջեւ շփումներու, կրթութեան, գիտութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի բնագաւառներու մէջ միատեղ ծրագրերու կարեւորութիւնը:
5 – Մնայուն խաղաղութեան եւ տնտեսական զարգացման խթանման համար անոնք հաստատած են, որ պէտք է ամրապնդել երկկողմ եւ բազմակողմ խորհրդակցութիւնները եւ գործակցութիւնը:
6 – Ողջունած են տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ու զարգացման ուղղուած ընթացող հոլովոյթները:
7 – Դրական գնահատելով այս հանդիպման արդիւնքները` անոնք վերահաստատած են, որ այս հարթակը բաց է Վրաստանի հաւասար մասնակցութեան համար:
8 – Նախարարները նաեւ գաղափարներ փոխանակած են Կազայի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ: Անոնք ընդգծած են անմեղ քաղաքացիներու թիրախաւորումը անյապաղ դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
9 – Հայաստանի, Ազերպայճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարները շնորհակալութիւն յայտնած են Իրանի իրենց պաշտօնակցին` ջերմ ընդունելութեան եւ այս հանդիպումը բարեյաջող կազմակերպելուն համար:
Գնահատելով տարածաշրջանին մէջ վստահութեան եւ համագործակցութեան միջավայրի ընդլայնման եւ ամրապնդման հարցով «3+3» տարածաշրջանային հարթակի պարբերական հանդիպումները՝ նախարարները համաձայնած են, որ յաջորդ հանդիպումը կայանայ Թուրքիա, որու մանրամասնութիւնները կը ճշդուին դիւանագիտական խողովակներու միջոցով:
Նշենք, թէ սոյն համաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցութիւն ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ։ Ան նաեւ ոչ-պաշօնական շփում ունեցած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։