«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան եւ «Աֆէեան» հիմնադրամի համանախագահ Աննա Աֆէեան յայտարարած են, որ 2 միլիոն տոլար օժանդակութիւն կը յատկացնեն աւելի քան 100.000 բռնի տեղահանուած Արցախցիներուն։
«Նիւթական աջակցութիւնը կ՚ուղղուի քանի մը բնագաւառներու, ինչպէս՝ նախնական կարիքներու բաւարարման, բժշկական եւ ընկերային-հոգեբանական աջակցութեան, նաեւ երկարաժամկէտ կրթական կարելիութիւններու ստեղծման»,– նշուած է Աֆէեան ամոլի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։ ■
Լուսանկարը՝ Արցախէն տեղահանուած երեխաները
Գորիսի մէջ։ 2023 Սեպտեմբեր 27
© Նարեկ Ալեքսանեան
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։