Search
Close this search box.

Ռուստամ Բադասեան. «Հայ-իրանական սահմանին նոր անցակէտ պիտի կառուցուի»

Հոկտեմբեր 31-ին, Ազգային ժողովին մէջ՝ 2024-ի ամավարկի քննարկումներու ընթացքին, Պետական եկամուտներու յանձնաժողովի նախագահ Ռուստամ Բադասեան յայտարարած է, թէ Մեղրիի անցակէտին գործող շէնք-շինութիւնները ամբողջութեամբ պիտի քանդուին եւ նոր անցակէտ պիտի կառուցուի։

“Մեզի համար ամօթալի է, որ ցարդ մեր երկրի հարաւային դարպասի շէնք-շինութիւնները այդ վիճակի մէջ կը գտնուին։ Մենք շատոնց պէտք է նոր անցակէտը կառուցած ըլլայինք”,– ըսած է ան եւ աւելցուցած, թէ նոր անցակէտը համապատասխան պիտի ըլլայ միջազգային լաւագոյն չափանիշերուն։ Հոն պիտի կատարուին նաեւ բարեփոխումներ՝ ուղիներու տարանջատում, աւելի արագ ու յարմարաւէտ անցակէտ, արդիւնաւէտ մաքսային հսկողութիւն եւ այլն։

Նշենք, թէ Հոկտեմբեր 23-ին, Իրանի Քաղաքաշինութեան նախարար Մեհրտատ Պազրփաշ Երեւանի մէջ յայտարարած էր, թէ Հայաստան եւ Իրան քննարկած են հայ-իրանական սահմանին նոր կամուրջ կառուցելու հեռանկարը։ Վերջինս ընդգծած էր, թէ Հայաստանի ու Իրանի միջեւ գործող կամուրջը արդէն բաւարար չէ ապահովելու աճող ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները։ Իրանցի նախարարը նշած էր, որ հայկական կողմին հետ համաձայնութիւն գոյացած է՝ այդ ուղղութեամբ աշխատանքային խումբ մը կազմելու համար։

Նոյն օրը Հայաստան իրանական ընկերութիւններու հետ ստորագրած էր «Հիւսիս-հարաւ»-ի Ագարակ-Քաջարան 32 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհի շինարարութեան պայմանագիրը։