Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմս
Ամերիկեան պետական հետախուզութեան FBI ծառայութիւնը ստուար հետաքննութեան մը ձեռնարկած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմսի ընտրութեան պարագաները պարզելու համար։
Հարցը ջուրի երես ելած է երբ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2-ին FBI-ի գործակալները լայնածաւալ խուզարկում մը կատարած են Պրայաննա Սակսի բնակարանը։ Վերջինս քաղաքապետ Էտըմսի ամէնէն մօտիկ խորհրդականն է, եւ մա՛նաւանդ ան է, որ 2021-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ զբաղած է ընտրական ծախսերու գանձատրման հարցերով։
Ըստ ամերիկեան մամուլին մէջ շրջող լուրերու՝ հարցը նիւեորքաբնակ ամերիկացի Թուրքերու միջոցաւ Թուրքիայէն ստացուած նպաստներու կը վերաբերի, մինչ ամերիկեան Սահմանադրութիւնը խստօրէն կ՚արգիլէ արտասահմանեան օժանդակութիւնները ընտրական գործընթացներու։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։