Search
Close this search box.

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարուհիին՝ Հայաստան այցը

 

Անալենա Պերպոք. «Գերմանիա կը պաշտպանէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոք Նոյեմբեր 3-ին ժամանած է Հայաստան։ Իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ան պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն։ 

Հարցումին՝ թէ արդեօք Գերմանիա համաձայն կ՚ըլլա՞յ Ազերպայճանէն քարիւղի եւ կազի ներածումը դադրեցնելու եւ այդ երկրին դէմ պատիժներ սահմանելու, եթէ Հայաստանի դէմ յարձակում ըլլայ, Տիկին Պերպոք խուսափելով հարցումին ուղղակի պատասխանելէ, սապէս արտայայտուած է.

“Ես կ՚ուզեմ, որ այս տարածաշրջանին մէջ լարումի սաստկացում տեղի չունենայ, որպէսզի բացուած պատուհանը օգտագործուի խաղաղութեան համար։ Ես միշտ ալ ըսած եմ, թէ Գերմանիա կը պաշտպանէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ երկու երկիրներու կողքին պիտի ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Այո՛, մենք կը փափաքինք աջակցիլ Հայաստանին՝ բոլոր բնագաւառներու մէջ՝ խաղաղութեան ջանքերուն, քարտէսագրման, սահմանագծման, ինչպէս նաեւ կրնանք համագործակցիլ անվտանգութեան առնչուող հարցերու ուղղութեամբ, որպէսզի ամուր ժողովրդավարութիւն հաստատուի Հայաստանի մէջ”։

Գերմանիա 9,3 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ Հայաստանին՝ Արցախէն բռնի տեղահանունածներու մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար

Նախարարուհին տեղեկացուցած է, թէ Գերմանիա օգնութիւն կը յատկացնէ Հայաստանին՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներու մարդասիրական դժուարութիւնները լուծելու համար։ 

“Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս դուք ձեր սիրտերը բացիք Ղարաբաղի ժողովուրդին առջեւ, մենք ալ ձեզ առանձին չենք ձգեր այս դժուար օրերուն”,– ըսած է ան։

Նշենք, թէ Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին գերմանացի դիւանագէտը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցած Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։ Ան նաեւ այցելած է Արարատի մարզի Երասխի սահմանային հատուածը եւ ծանօթացած հոն տիրող կացութեան։

Այնուհետեւ ան ուղղուած է Արարատի մարզի Արտաշատի շրջանի Որոտան գիւղը եւ հանդիպում ունեցած Արցախէն բռնագաղթածներուն հետ՝ անոնց կեցութեան պայմաններուն մօտէն ծանօթանալու նպատակով։

Աւելցնենք, թէ սա Պերպոքի առաջին այցն էր Հայաստան, ուրկէ ալ ան մեկնած է Ազերպայճան։ ■