Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ.
«Մէկ շաբթուան մէջ աւելի քան 100.000 հոգի Լեռնային Ղարաբաղէն փախած է Հայաստան՝ ապահովութիւն, սնունդ, ապաստան եւ հետագային ապրուստի միջոցներ գտնելու համար։ Միջազգային հանրութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւնն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը կը գործադրեն բոլոր ջանքերը այդ մարդոց օժանդակելու ուղղութեամբ՝ յատկապէս ձմռան նախօրեակին:
Ծայրայեղ այս կացութեան արձագանգելու նպատակով Զուիցերիա 1,5 միլիոն զուիցերական ֆրանք յատկացնելու նախնական որոշում կայացուցած է՝ տեղւոյն վրայ մարդասիրական գործողութիւններուն համակողմանի աջակցելու համար։ Երեք առանցքային դերակատարներու՝ ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրին (PAM, Programme Alimentaire Mondial), ՄԱԿ-ի Գաղթականներու օգնութեան ծրագրին (RRP) եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին (CICR) միջեւ հաւասարապէս բաշխուած (իւրաքանչիւրին՝ 500.000) միջոցները պիտի ուղղուին գաղթականներու կենսական կարիքները բաւարարելու նպատակին»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։