«Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոն անարգանք համարած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ կատարուածը։
«ԻՒՆԷՍՔՕ-ն նպատակայարմար չհամարեց դատապարտել Ազերպայճանցիներու իննամսեայ շրջափակումը, որու ընթացքին խաթարուեցաւ հազարաւոր հայ երեխաներու ուսումանկան աշխատանքը։ Իսկ հիմա ան Ազերպայճանը կ՚ընտրէ իր ընդհանուր համաժողովի փոխնախագահի պաշտօնին։ Անարգանք»,– X-ի իր էջին գրած է Պիւիսոն։
Գրառումը մեկնաբանելով օգտատէրերը նշած են՝ «Սարսափելի է», «Հաստատութիւնները կը կորսնցնեն իրենց պատիւն ու վստահութիւնը», «Չզարմանաք, եթէ քանի մը օր ետք պարզուի, որ հսկայական գումար նուիրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ին»…։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։