Նոյեմբեր 6-ին, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան այցելած է Լոնտոնի Excel համալիրին մէջ կազմակերպուած «Համաշխարհային ճամբորդական շուկայ» (World Travel Market) տարեկան ցուցահանդէսի հայկական տաղաւարը:
Հայաստանը ներկայացնող տաղաւարը ցուցահանդէսի այցելուներուն առիթ կու տայ ծանօթանալու հայկական զբօսաշրջութեան բնագաւառին։ Հայաստանի զբօսաշրջութեան կոմիտէն եւ Զբօսաշրջական պտոյտներ կազմակերպող ութ գործակալութիւններ ներկայացուցած են Հայաստանի ներուժն ու գրաւչութիւնը զբօսաշրջութեան հարթակին վրայ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։