Search
Close this search box.

Պաքու «անհիմն և սուտերով լի» որակած է Արարատ Միրզոյեանի՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բեմէն կատարած յայտարարութիւնները

 

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այհան Հաճիզատէ հակազդած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բեմէն ունեցած ելոյթին՝ «անհիմն եւ սուտերով լի» որակելով իր երկրի հասցէին հնչած մեղադրանքները։

“Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը ինքնակամ փոխադրուած են Հայաստան, մինչդեռ հայկական կողմը կեղծաւորաբար կը շարունակէ մեղադրել Ազերպայճանը ցեղային զտումի ամբաստանութեամբ, այդպէսով չարաշահելով միջազգային տարբեր հարթակները”,– ըսած է Հաճիզատէ։

Անդրադառնալով Արցախի հայկական մշակութային ու պատմական յուշարձաններուն սպառնացող վտանգի մասին Միրզոյեանի ահազանգերուն՝ ան ընդգծած է, թէ Ազերպայճանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ գտնուող պատմական եւ կրօնական յուշարձանները «իրենց ազգային մշակութային ժառանգութիւնն են եւ պաշտպանուած՝ անկախ անոնց ծագումէն, աշխարհիկ կամ կրօնական պատկանելիութենէն»։

Ինչ կը վերաբերի Արցախ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի անկախ փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու Արարատ Միրզոյեանի յորդորին՝ Հաճիզատէ կրկին մեղադրած է Հայաստանը՝ «ընդդէմ Ազերպայճանի կեղծ ու զրպարտիչ հռետորաբանութեան համար», նշելով, որ այդ ձեւով Հայաստան «կը խաթարէ խաղաղութեան համաձայնագրի հեռանկարները»

Միւս կողմէ, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետով ալ Հակազդելով Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Փարիզի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն, թէ՝ անհրաժեշտ է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը Արցախ, ուր կ՚ոչնչացուի տեղւոյն մշակութային ժառանգութիւնը,  կոչ ուղղած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաքելութիւն ղրկելու Հայաստան՝ փաստեր հաւաքելու եւ գնահատելու Ազերպայճանի մշակութային ժառանգութեան ներկայ կացութիւնը։ Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնուհի Օտրէ Ազուլէի հետ հանդիպումին։