Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10-ին, Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ նուիրուած Արցախ ներխուժումէն եւ նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ազերպայճանի ձերբակալած հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման հարցին։
Մամլոյ ասուլիսին կը մասնակցէին Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկօ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Պատժական միջազգային ատեանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ-Օքամփօ, Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, ինչպէս նաեւ CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան։
Բոլոր բանախօսները պահանջեցին անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակել Ազերպայճանի կողմէ պատանդ պահուող արցախցի 55 հայ գերիները։
Ըստ Անն Հիտալկոյի՝ Պաքուի մէջ պահուող բոլոր Հայերը, ի շարս որոնց՝ Արցախի ութ նախկին առաջնորդները քաղաքական բանտարկեալներ են, որոնք ձերբակալուած են 2020 թուականի հակամարտութեան ընթացքին, իսկ վերջերս՝ Սեպտեմբերին՝ Ազերպայճանի կայծակնային յարձակումէն ետք։
Պաքուի մէջ պահուող այս բանտարկեալները “երկու անգամ շփում ունեցած են իրենց ընտանիքներուն հետ, բայց ատկէ ետք՝ ոչի՛նչ”,– ցաւ յայտնեց Մուրատ Փափազեան: “Այսպէս, մենք չենք ալ գիտեր, թէ այսօր ինչ հոգեբանական եւ ֆիզիքական ճնշման պայմաններու տակ անոնք բանտարկուած են։ …Այս պատանդները միջազգային պաշտպանութեան կարիքն ունին, քանի որ չկայ ազերպայճանցի նոյնիսկ մէկ դատաւոր, որ կրնայ ազատ արձակել զանոնք. ոչ ոք կրնայ հակադրուիլ նախագահ Ալիեւին”,– յայտարարեց Լուիս Մորենօ-Օքամփօ՝ վկայակոչելով ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան 2022-ին հրապարակուած մէկ զեկոյցը, ուր կը նշուի, որ Ազերպայճան ունի ոչ-անկախ դատական համակարգ եւ ուր բանտարկեալները կը խոշտանգուին ու կը սպանուին։ Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի ալ, իր կարգին, կոչ ըրաւ վերջ դնելու Եւրոպայի եւ Ազերպայճանի միջեւ գոյացած կազային համաձայնագրին, զոր ան կը համարէ «անհանրուրժելի», ինչպէս նաեւ բռնագրաւելու Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ունեցուածքը Ֆրանսայի մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։