Search
Close this search box.

Պասքերու երկրի խորհրդարանին մէջ ունկնդրութիւններ՝ Արցախեան հարցին շուրջ

Պասքերու երկրի խորհրդարանի Եւրոպական հարցերու եւ արտաքին գործոց յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած են ունկնդրութիւններ՝ նուիրուած Արցախեան հարցին, որու ընթացքին Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) անդամ, սպանահայ իրաւաբան Լեւոն Գրիգորեան տեղեկութիւններ հաղորդած է Արցախի մէջ տիրող կացութեան մասին։

Ան յայտարարած, որ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան պատասխանատւութիւնը կը գերազանցէ քաղաքական, մշակութային եւ ցեղային տարբերութիւնները:

“Անկախ մեր ծագումէն՝ կարեւոր է, որ մենք միաւորուինք այս ընդհանուր գործին մէջ: Ցեղային զտումները ուղղակի ոտնձգութիւն են մարդկային արժանապատւութեան եւ կեանքի իրաւունքի նկատմամբ: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները միջազգայնօրէն պաշտպանութեան կարիք ունին, իսկ երկրին կարգավիճակը չի կրնար որոշուիլ Ազերպայճանի կողմէ սկսած պատերազմով”,– ըսած է իրաւաբանը։

Ան նաեւ ընդգծած է Ազերպայճանի իշխանութիւններու՝ մարդկութեան դէմ գործած ոճիրներու անկախ հետաքննութեան կարեւորութիւնը՝ պնդելով, որ Պաքուի վարչակազմին դէմ պատիժներու կիրարկումը վճռորոշ է Հայոց նոր ցեղասպանութեան հաւանականութիւնը կանխելու համար։