Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Տհաճ միջադէպ Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի, Նոյեմբեր 12-ին տհաճ միջադէպ մը պատահած է Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր տաճարին մէջ։

Փարիզի ծուխին անդամ տիկին մը, Երեւանի մէջ Սասնայ Ծռերու կազմակերպած ցոյցի մը ընթացքին Լէօ Նիկոլեանի՝ Դիմագիրքի համար արձանագրած տեսանիւթին մէջ հանրայնօրէն կ՚ամբաստանէ Փարիզի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկը, Ֆրանսայի առաջնորդ Հայր Գրիգոր Խաչատրեանը եւ Գարեգին Բ. Վեհափառը KGB-ի անդամ ըլլալու մեղադրանքով։ Տէր Նարեկ այս տեսանիւթին ծանօթանալով՝ Կիրակի, Նոյեմբեր 12-ին, սոյն տիկնոջ զաւակը,– որ դպիր է,– կը հարցուփորձէ իր մօր խօսքերուն մասին։ Դպիրին մայրը երբ կ՚իմանայ եղելութիւնը, պատարագի ընթացքին բարձրաձայն դարձեալ կ՚ամբաստանէ Տէր հայրը, որ պատարագի աւարտին խօսք առնելով եղելութիւնը կը բացատրէ ներկաներուն, սակայն նորէն վէճ կը ծագի… Տէր հօր կողմնակից հաւատացեալները եւ տիկնոջ բարեկամները կը լարուին իրարու դէմ։ Նախքան վէճին բախումի վերածուիլը, Ծուխին պատասխանատուները ոստիկանութեան կը դիմեն։ Ոստիկանները կը միջամտեն ու կը հեռացնեն աղմկայարոյց տիկինը։

Աւելցնենք, որ թեմակալ առաջնորդը կը բացակայէր Փարիզէն, կրօնական պարտականութիւններով։ Արդէն այս պատճառով նախորդ Կիրակի ալ պատարագ չէ մատուցուած մայր տաճարին մէջ։

Որքա՜ն տխուր երեւոյթ։