Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» անունով ծանօթ հողամասի հարցը մտած է նոր փուլ, ինչը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան բնորոշումով «ամենամեծ գոյաբանական սպառնալիք»-ն է Պատրիարքութեան 16-դարեայ պատմութեան մէջ։
Բռնի ուժ կիրարկելու փորձեր կը կատարէ եւ կը սպառնայ ոչ միայն խաբէութեամբ ստորագրուած եւ խնդրայարոյց պայմանագրի դիմացի կողմը, այլ նաեւ՝ Երուսաղէմի ոստիկանութիւնը։ Երուսաղէմի հայ համայնքը եւ Հայոց պատրիարքութիւնը միասնաբար լծուած են բռնութեամբ հարցը պարտադրելու ջանքերուն դիմադրութեան։
Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը կը յայտարարէ, որ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ գործակցաբար Հայ դատի համաշխարհային ցանցին հետ, զօրավիգ կը կանգնի Երուսաղէմի հայ համայնքին եւ Հայոց պատրիարքութեան՝ պաշտպանելու իր հազարամեայ իրաւունքները։
Հարցին կարգաւորումը պէտք է կատարուի բացառաբար տեղական եւ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ՝ առանց ուժ կիրարկելու կամ ուժ կիրարկելու սպառնալիքի։
Երուսաղէմի մէջ հայկական իրաւունքներու հարցը կը վերաբերի համայն Հայութեան, հետեւաբար՝ այդ իրաւունքները ոտնահարելու որեւէ փորձ՝ արժանի է Հայութեան համարժէք վերաբերումին։
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
2023 Նոյեմբեր 17
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։