Search
Close this search box.

Խաղաղութեան համար պէտք է պատերազմի պատրաստուիլ

Թուրքիոյ նախագահը տեւաբար կը յիշեցնէ որ Հայաստան պէտք է օգտուի Ազերպայճանի մեկնած բարեկամական ձեռքէն։ Ազերպայճան նոյնպէս Հայաստանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու յայտարարութիւններ կը կատարէ, միաժամանակ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ գործածելով թշնամութեան զինանոցի բոլոր գործիքները, սկսած յարձակողապաշտ խօսոյթէն՝ Հայաստանի՝ «Արեւմտեան Ազերպայճան» անուանում, «Հայաստանի գրաւած ութ գիւղերու վերադարձ»-ի պահանջ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն 200 քառ. քմ. տարածքի գրաւում, հայ գերիներու հանդէպ քրէական հետապնդում, արտատարածքային կարգավիճակով՝ «Զանգեզուր»-ի միջանցքի պահանջ եւ յաճախակի սահմանային յարձակումներ, պատմամշակութային յուշարձաններու քանդում եւ իւրացում, Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտում…։

Թուրքիա եւ Ազերպայճան խաղաղապաշտութեան քօղին տակ մէկ աստիճան աւելի խստացուցին իրենց դիրքորոշումը, քննադատելով Հայաստանի՝ Ֆրանսայէն սպառազինութեան գնումները, այդ քայլը համարելով պատերազմի պատրաստութիւն։ Այս առթիւ Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը յատկանշական է թէ՝ «Արեւմտեան երկիրներու ուղարկած ոչ մէկ զէնք եւ զինամթերք կրնայ ապահովել կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան միջավայր»։

Ռուսաստան Արցախի պաշտպանութեան իր յանձնառութեան խայտառակ ձախողումէն ետք, անդադար ազդանշաններ կ՚ուղարկէ Հայաստանին իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան հոլովոյթի միջնորդութեան։ Սակայն, Հայաստան շատ աւելի խստապահանջ դարձած է, անուղղակիօրէն դասալքութեամբ ամբաստանելով Ռուսաստանն ու ՀԱՊԿ-ն, միշտ յիշեցնելով անոնց թերացումը Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան մէջ, եւ Ռուսաստանի նախաձեռնած միջպետական բոլոր վեհաժողովներուն Հայաստանի մասնակցութիւնը մերժելով կամ փոխանորդի մակարդակով մասնակցելով։

Ռուսասատանի միջնորդութեան Հայաստանի կողմէ «պոյքոթ»-ին հակապատկերը՝ Ալիեւի կողմէ վերջին շրջանին արեւմտեան միջնորդութիւններու՝ Կրանատայի, Պրիւսէլի եւ Ուաշինկթընի մերժումն է։ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի դիրքերու բեւեռացումը երթալով կը շեշտուի. Ազերպայճան-Թուրքիա-Ռուսաստան ընդդէմ Հայաստան-Արեւմուտքի։ 

Այս բաժանումին մէջ Իրան կը մնայ Հայաստանի ամէնէն կայուն պաշտպանը, հարաւային սահմանի անփոփոխութիւնը պահպանելու առումով։ Իրանի ռազմական հակազդեցութեան սպառնալիքի շնորհիւ Ազերպայճան-Թուրքիա-Ռուսաստան երրեակը «Զանգեզուր»-ի միջանցքը զինեալ միջամտութեամբ բանալու արկածախնդրութենէ կը խուսափի, գոնէ առայժմ։ Արեւմուտքը եւս «Զանգեզուր»-ի միջանցքի արտատարածքային կարգավիճակով Ազերպայճանի տրուելուն դէմ է։ Սակայն, ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ զէնքի միջոցով գրաւումի պարագային ան Հայաստանին օգնութեան պիտի հասնի։ 

Ծայր աստիճան պայթուցիկ այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը հետապնդէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը, որ խորքին մէջ Ռուսաստանի Նոյեմբեր 9-ին առաջադրած հրադադարի 9-րդ կէտն է, եւ որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը շատ յաջող կերպով իւրացուց, երկիրը վերածելով հիւսիս-հարաւ ու արեւելք-արեւմուտք հաղորդակցակապերու խաչմերուկի։ 

Ռուսաստան 2020-էն 2023 ժամանակահատուածին չկրցաւ իրականացնել զայն։ Աւելին, հարաւային Կովկասի երկիրներու միջեւ հաղորդակցամիջոցներ հաստատելու ծրագրի ետին կը հետապնդէր հրէշային ռազմավարական գերնպատակ մը՝ այս տարածաշրջանին մէջ իր ներկայութիւնը յաւերժացնել, թէ՛ Լաչինի միջանցքի եւ թէ՛ «Զանգեզուր»-ի միջանցքի վրայ իր վերահսկողութիւնը հաստատել եւ այդպէսով Հայաստանի եւ Ազերպէյճանի վրայ մշտական ճնշում բանեցնելու միջոցներ ձեռք բերել։ 

44-օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստան ազերական կողմին ամենօրեայ յարձակումներուն թիրախ դարձաւ։ Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն, Եւրոպայէն պաշտպանութիւն մուրաց։ Իր անպաշտպանութեան համար շատ սուղ գին վճարեց. վերջինը՝ Արցախի կորուստն էր։ Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստան իր փրկութեան միակ ելքը կը տեսնէ խաղաղութեան պայմանագրի մէջ, միաժամանակ Ազերպայճանը հետապնդելով միջազգային ատեաններու առջեւ եւ իր սպառազինութիւնը հզօրացնելով։

Ժ.Չ. ■