Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան չի մասնակցիր Մինսքի մէջ կայացող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին։ Լուրը կը հաղորդէ Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ա. Թորոսեան։
Նշենք, թէ նոյն կազմակերպութեան Արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ալ չէր մասնակցեր Արարատ Միրզոյեան։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։