Search
Close this search box.

Հայաստանի դեսպանին ելոյթը՝ տասը հազար ֆրանսացի ընտրեալներու ներկայութեան (տեսանիւթ)

Նոյեմբեր 21-23, Փարիզի Փորթ տը Վերսայլի Ցուցահանդէսներու համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի քաղաքապետերու ընկերակցութեան 105-րդ համագումարը։ Կը մասնակցէին Ֆրանսայի քաղաքապետերն ու ընդլայնուած համայնքներու ղեկավարները, Ֆրանսայի տարբեր շրջաններն ու նահանգները ներկայացնող աւելի քան 10.000 ընտրեալներ։

Ի նշան Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին բացառիկ զօրակցութեան՝ համագումարին յատուկ կարգավիճակով հրաւիրուած էր Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, որ ելոյթ ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութեան։ 

Հայաստանի դեսպանուհիին ելոյթը արժանացաւ ներկաներու յոտնկայս եւ երկարատեւ ծափահարութեան։

Տիկին Տոլմաջեանի ելոյթի (ֆրանսերէն) տեսանիւթին համար այցելել

https://fb.watch/ow1_203wQr/