Նոյեմբեր 28-ին, լրագրողներու հետ ասուլիսին Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտարարած է, թէ «Արցախի պետական հիմնարկութիւնները Հայաստանում գործում են, որ ի՞նչ անեն։ Հայաստանի Հանրապետութիւն կայ, որի հիմնարկութիւնները գործում են: Արցախահայութեան իրաւունքները Հայաստանը պաշտպանում է»։
Հարցումին, թէ՝ Հայաստան ինչպէ՞ս կը նպաստէ Արցախահայերու վերադարձին, Խաչատուրեան պատասխանած է. «Դա արդէն քննարկումների մէջ է»:
Ան նաեւ յայտարարած, որ Հայաստան Արցախը Ազերպայճանի մաս ճանչցած է տակաւին 1991 թուականին:
Հարցումին, թէ՝ այդ պարագային ինչո՞ւ Ալիեւ չգրաւեց Արցախը անցնող 30 տարիներու ընթացքին, նախագահը ըսած է. «Թող վերցնէր, երեւի չէր կարողանում»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։