Search
Close this search box.

ԼՈՆՏՈՆ – «The Guardian»-ի յօդուածը՝ «Աւրորայի լուսաբացը» ժապաւէնին ցուցադրութեան առիթով

«Աւրորայի լուսաբացը» վաւերագրական կենդանապատկերի (բեմադիր Իննա Սահակեան) լոնտոնեան ցուցադրութիւններուն առիթով,  բրիտանական հեղինակաւոր «The Guardian» շաբաթաթերթը «Ցեղասպանութեան սարսափի եւ գոյատեւման ուշագրաւ պատմութիւն» վերնագրով յօդուած մը հրապարակած է։ 

«Նկատի առնելով, որ “ցեղասպանութիւն” բառը մեր օրերուն ամէնուր տարածուած է, կ՚արժէ վերանայիլ ա՛յն վայրագութիւնները, որոնց պատճառով ստեղծուեցաւ այս եզրը: Այս սարսափազդու, բայց հետաքրքրաշարժ ու գրաւիչ ֆիլմը՝ կենդանապատկերի եւ արխիւային պատկերներու խառնուրդ մըն է (hybrid of animation and archive footage). ան կը պատմէ երիտասարդ հայ կնոջ՝ Արշալոյս Մարտիկանեանի կենսագրութեան մասին, որ իր մորթին վրայ զգացած է Առաջին համաշխարհային պատերազմին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան սարսափները: Այս ժապաւէնը միայն փոքրիկ փաստ մըն է պատմութեան մը, որ լի է հրաշքներով, ողբերգութեամբ, եւ ի վերջոյ յոյսով ու իմաստութեամբ:

Մարտիկանեան ոչ միայն հրաշքով ողջ մնացած է, այլեւ իր դերը մարմնաւորած 1919-ին նկարահանուած “Հոգիներու աճուրդ” ամերիկեան համր ֆիլմին մէջ»,– ի մէջի այլոց կը նշէ յօդուածը: