Նոյեմբեր 30-ին, «Մեդիա կեդրոն»-ի մէջ կայացած քննարկման ընթացքին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի մէջ հայ ռազմագերիներու շահերու ներկայացուցիչ, իրաւաբան Սիրանոյշ Սահակեան յայտարարած է, թէ սա պահուս պաշտօնական տուեալներով Պաքուի բանտերուն մէջ կը գտնուին 6 պարզ քաղաքացիներ, 41 ռազմագերի եւ քաղաքական հետապնդման ենթարկուող բարձրաստիճան 8 պաշտօնատարներ ու զինուորականներ։ Բացի ատկէ, Ազերպայճան կը գտնուին 80 ռազմագերիներ ու պարզ քաղաքացիներ, որոնց ճակատագիրը անծանօթ է եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ քայլի չի ձեռնարկուիր։
Ինչ կը վերաբերի վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ Երեւան պատրաստ է Հայաստանի մէջ դատապարտուած Ազերպայճանցիները փոխանակելու հայ գերիներու հետ, Սահակեան նշած է. “Այս մօտեցումը ընդունելի չէ Ազերպայճանի համար։ Եթէ ան փափաքէր երկու ազերպայճանցի զինուորը փոխարինել 55 անձի կամ գոնէ 10 ռազմագերիի հետ, կը վստահեցնեմ, որ ցարդ այդ գործը կատարուած կ՚ըլլար։ Ազերպայճան կը համաձայնի իր երկու զինուորը փոխանակելու երկու հայ ռազմագերիի դիմաց”։
Իրաւապաշտպանը աւելցուցած է, թէ Ազերպայճան հայ ռազմագերիները կը պահէ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։