Search
Close this search box.

Թուրքիա կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու ձեռնարկելու որոշումը

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու միացեալ յայտարարութիւնը։

«Մենք կ՚ողջունենք երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած որոշ յստակ քայլերու ձեռնարկելու որոշումը: Կը յուսանք խաղաղութեան պայմանագիրը շուտով կը ստորագրուի՝ ի նպաստ Հարաւային Կովկասի մնայուն կայունութեան»։ 

Ռուսաստան եւս կ՚ողջունէ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման, խաղաղութեան պայմանագրի կնքման եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման մտադրութեան վերաբերեալ:

 

Ուաշինկթըն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միացեալ յայտարարութիւնը կը նկատէ վստահութեան հաստատման կարեւոր քայլ մը

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաթիու Միլըր հաղորդագրութեամբ մը կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միացեալ յայտարարութիւնը, զայն վստահութեան հաստատման կարեւոր քայլ մը որակելով։

«Մենք կ՚ողջունենք նախագահ Ալիեւը և վարչապետ Փաշինեանը՝ հարաւային Կովկասի բնակչութեան համար աւելի խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայի հիմքեր ստեղծելու նպատակով միատեղ ջանքեր գործադրելնուն համար»,– նշուած է ամերիկացի դիւանագէտի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

 

Խոսէփ Պորէլ. «Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու պատմական կարելիութիւն ստեղծուած է»

Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Խոսէփ Պորէլ յայտարարած է, թէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու պատմական կարելիութիւն ստեղծուած է եւ Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է աջակցելու այդ ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն։ Ան բանտարկեալներու փոխադարձ ազատ արձակումը եւ վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցները «քաղաքական կարեւոր քայլ» համարած է։

Իր կարգին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ եւս ողջունած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացը։