Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Ազերպայճանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մեղադրանքները, որոնք կը վերաբերին Ֆրանսայի կողմէ զրահակառքերու մատակարարման։
«Ամէն երկիր կրնայ այլ երկիրներու հետ համագործակցիլ իր անվտանգութեան եւ պաշտպանական կարողութիւնները զարգացնելու նպատակով»,– նշուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, թէ Նոյեմբերին Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ կը դատապարտէ Հայաստանին՝ ֆրանսական զրահակառքեր մատակարարելու որոշումը, Փարիզը ամբաստանելով «տարածաշրջանը ռազմականացնելու» մեղադրանքով: Դեկտեմբեր 8-ին ալ Թուրքիոյ նախագահը «գրգռիչ արարք» որակած էր Հայաստանին՝ Ֆրանսայի ռազմական օժանդակութիւնը։
Աւելցնենք, թէ Հայաստանի հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնող Ազերպայճան, ըստ լրասփիւռներու հաղորդումներուն, մի՛այն 2023 Նոյեմբերին 1,2 միլիառ տոլար արժող համաձայնագիր կնքած է Իսրայելէն «Barak MX» տիպի օդային պաշտպանութեան հրթիռներ ձեռք ձգելու համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։