Search
Close this search box.

Պայրամով՝ Պորէլին. «Եւրոպական Միութեան որոշ պաշտօնատարներու կողմնակալ յայտարարութիւնները կը խաթարեն Միութեան անաչառ միջնորդի դերը»

 

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Պրիւսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Խոսէփ Պորէլի հետ հանդիպումին յայտնած է, թէ  Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ սկզբունքները յարգելու վրայ հիմնուած բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատումը Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան և կայունութեան հաստատման միակ ճանապարհն է։

Ընդգծելով, որ Ազերպայճան բարձր կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդական ջանքերը՝ Պայրամով, առանց անուններ նշելու, միեւնոյն ժամանակ դժգոհած է, նշելով, թէ «Եւրոպական Միութեան որոշ պաշտօնատարներու կողմնակալ յայտարարութիւնները կը խաթարեն այս գործընթացին մէջ Միութեան անաչառ միջնորդի դերը»։