Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – «Շուշին` Կովկասի մարգարիտը» երկօրեայ գիտաժողովը՝ ԻՆԱԼՔՕ-ի պատմական շէնքին մէջ

Դեկտեմբեր 11-12-ին, «Արեւելեան լեզուներու և քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկ»-ի (Ինալքօ) պատմական շէնքին մէջ տեղի ունեցած է “Շուշին` Կովկասի մարգարիտը» (« Chouchi, la perle du Caucase ») երկօրեայ գիտաժողովը, կազմակերպութեամբ նոյն Հիմնարկին եւ «Յիշատակարան» ծրագրին։

Գիտաժողովին ներկայ եղած են Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան,  Հայաստանի դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան, Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիէր Ուզուլիաս), “Յիշատակարան”-ի գիտական ղեկավար, տնօրէն, արուեստաբան Աննա Լեյլոյեան-Եկմալեան, Ֆրանսայի մշակութային ժառանգութեան ազգային հիմնարկի տնօրէն Շառլ Փերսոնազ, հայ եւ օտար գիտնականներ, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ:

Գիտաժողովի բացումին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան ներկաներուն հաղորդած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութիւնն ու գնահատանքը։ 

Երկու օրերուն ներկայացուած զեկոյցները, կը վերաբերէին Շուշիի անցեալին ու ներկային, անոր փառաւոր ու ողբերգական շրջաններուն։

Իր խօսքին մէջ «Ինալքօ» հիմնարկութեան նախագահ Ֆիլիփ Ատվանի նշած է, թէ իրեն համար շատ կարեւոր է ոչ միայն Շուշիի, այլեւ ամբողջ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը, որ այսօր վտանգի տակ է եւ թէ իրենք իրենց կարելին պիտի ընեն առաւել յուշարձաններ վաւերագրելու համար, որպէսզի կարենան տարբեր հարթակներու վրայ ներկայացնել անոնց պաշտպանութեան հարցը։

Դեսպան Տոլմաջեան իր ելոյթին անդրադարձած է Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն ու առկայ մարտահրաւէրներուն։

Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան բանախօսած է «Շուշին իբրեւ Արցախի թեմի կրթական եւ հոգևոր կեդրոն եւ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութիւնը Արցախի մշակութային  ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ» բնաբանով նիւթին շուրջ։ Ան ներկայացուցած է Ազերպայճանի կողմէ Հայոց սրբավայրերու թիրախաւորման եւ պատմամշակութային արժէքներու ոչնչացման փաստագրուած ապացոյցներ ու միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերու առաջարկներ։

Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիէր Ուզուլիաս նշած է, որ երբեք կարելի չէ Արցախը «մահացած» համարել եւ այս փուլին բոլորիս ջանքերը պէտք է ուղղուին տեղւոյն ժառանգութեան պահպանութեան նպաստելու աշխատանքին։

Ելոյթներով հանդէս եկած են Ֆրանսայի թանգարաններու տնօրէն Հերվէ Պարպարէ, Ինալքօ-ի տնօրէն Ժան Ֆրանսուա Հուշէ, Ազգային յուշարձաններու պաշտպանութեան հիմնարկի տնօրէն Շառլ Փերսոնազ եւ ուրիշներ։

Տեսաուղերձով հանդէս եկած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանսուա Պելամի։ Ան յստակօրէն ընդգծած է, թէ «Արցախի մէջ կատարուածը ոչ միայն տարածք գրաւելու, այլ ցեղասպանական պատերազմ էր՝ փորձելով վերացնել տեղւոյն Հայութեան հետքերը, սակայն բոլորս գիտենք, որ իր բազմադարեայ պատմութեան ընթացքին Հայերը ապրած ու արարած են Արցախի մէջ, իսկ Ազերպայճան շարունակաբար կը կեղծէ ու կը քանդէ եղածը։ Հետեւաբար շատ կարեւոր է ժառանգութեան պահպանութեան համար մղուող այս պայքարը եւ Եւրոպայի պարտքն է ըլլալ մշակութային ներկայութեան պահապանը»։

Գիտաժողովին տեղի ունեցած է «Յիշատակարան» կայքի շնորհահանդէսը, որ «Ինալքօ» հիմնարկութեան կարեւոր նախաձեռնութիւններէն է եւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան հարցը հանրութեան ներկայացնելու եւ զայն պաշտպանելու նպատակ կը հետապնդէ։ Կայքը պիտի դառնայ յուշարձաններու վկայագրերու իւրայատուկ շտեմարան՝ իր ամբողջ մատենագիտութեամբ։