Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան «ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ծրագրեր» անուանակարգին մէջ 2023-ի դրամաշնորհային մրցոյթին հաւանութեան արժանացած «Տօներն ու ծէսերը Ջաաւախքում» ծրագիրը ամփոփուած է ելեկտրոնային գիրքի հրատարակութեամբ։
Ծրագիրը իրագործուած է «Ջաւախք» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, որու ընթացքին Ջաւախքի երիտասարդներու, այդ կարգին՝ ուսանողներու ներգրաւումով Սամցխէ-Ջաւախքի երկրամասի Նինոծմինդայի շրջանի 10 համայնքներուն մէջ (Նինոծմինդա, Գանձա, Փոկա, Հեշտիա, Սաթխա, Փոքր Խանչալի, Մեծ Գոնդուրա, Մեծ Արագեալ, Դիլիֆ, Թորիա) հաւաքագրուած են ազգային աւանդական ու նորօրեայ տօներու եւ ծիսակատարութիւններու վերաբերեալ նիւթեր, անհատական եւ խմբային հարցազրոյցներ, ուր տեղ տրուած է նաեւ տարբեր գիւղերու աւելի քան 45 բանասացներու: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։