Search
Close this search box.

Վարչապետը ընդունած է ԱՄՆ-ու դեսպանը

Դեկտեմբեր 14-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվինը: Ան գոհունակութեամբ ընդգծած է հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու աշխուժ բնոյթը եւ նշած, որ կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը կը նպաստէ համագործակցութեան հետեւողական զարգացումին: 

Փաշինեան բարձր գնահատած է ԱՄՆ-ու ջանքերը՝ ուղղուած Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, կարեւոր համարելով անոնց շարունակականութիւնը: 

Հանդիպումին քննարկուած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս: