Դեկտեմբեր 15-ին, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտարարած է, թէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը արդէն իսկ ունի ենթակառոյցներ, որոնք մշակուած են եւ կը գտնուին իրագործման փուլին, օրինակ՝ «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհը, աւելցնելով, թէ Հորադիզ-Երասխ երկաթուղիի վերականգնման արժէքը տարի մը առաջ կը գնահատուէր 230 միլիոն տոլար։
Անդրադառնալով ահմանազատման հոլովոյթին՝ Գրիգորեան ըսած է, թէ ան բաւական բարդ է եւ կրնայ տարիներ տեւել, իսկ այդ առումով տակաւին Ազերպայճանի հետ յաջորդ հանդիպման պայմանաժամ չէ ճշդուած։
«Կողմերը պիտի աշխատին բացառապէս տեղագրական քարտէսներով, նաեւ՝ բացառապէս այնպիսի փաստաթուղթերով, որոնք ունին իրաւական նշանակութիւն»,– նշած է փոխվարչապետը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։