Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Քաղաքապետուհին Արցախի ներկայացուցչին յանձնած է Պատուոյ քաղաքացիութեան վկայականը

Քանի մը օր առաջ, Փարիզի քաղաքապետարանը քուէարկած էր Արցախահայութեան՝ Փարիզի պատուոյ քաղաքացիութեան շնորհումը նախատեսող  անդրկուսակցական բանաձեւը։ Դեկտեմբեր 13-ին քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած է քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի կողմէ համապատասխան վկայագրի յանձնումի արարողութիւնը՝ Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանին, որ զայն ստացած է յանուն համայն Արցախահայութեան։ 

Այս առիթով Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութիւնը կը յայտարարէ.

«Իր պատուոյ քաղաքացիութիւնը շնորհելով Ազերպայճանի կողմէ իրենց երկրէն վտարուած Արցախցիներուն, Փարիզի խորհուրդը կը վերականգնէ անոնց վիրաւորուած արժանապատւութիւնը:

Փարիզցի չենք դառնար Փարիզ ծնելով, այլ՝ հոն վերածնելով (Սաշա Կիթրի): Արցախ պիտի վերածնի Փարիզէն:

Մենք մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Փարիզի քաղաքապետ տիկին Անն Հիտալկոյին եւ Փարիզի խորհուրդին, արցախցի մեր բոլոր հայրենակիցներուն անունով»: