Search
Close this search box.

Ըստ Փութինի՝ Հայաստան ներքին պատճառներով բացակայ էր Մոսկուայի գլխաւորած կազմակերպութիւններու վերջին հաւաքներէն

 

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի գլխաւորած տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու հաւաքներուն Հայաստանի իշխանութիւններու բացակայութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ հաստատած է, որ ԱՊՀ-ին, ՀԱՊԿ-ին եւ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութիւնը դադրեցնելը ի շահ Հայաստանի չէ՝ աւելցնելով, որ «վերջապէս, այդ մէկը պետութեան ընտրութիւնն է»:

Ան դիտել տուած է, որ Փաշինեանի «բացակայութիւնները պայմանաւորուած են հայաստանեան գործընթացներով եւ կապ չունին այդ համարկումի միաւորումներուն հետ աշխատանքը դադրեցնելու հետ»:

“Հայաստանի մէջ Ղարաբաղի հարցով խրթին գործընթացներ տեղի կ՚ունենան: Մենք այդ բոլորը կը հասկնանք, բայց մենք չէ, որ հրաժարեցանք Ղարաբաղէն, այլ Հայաստանն է, որ Ղարաբաղը ճանչցաւ իբրեւ Ազերպայճանի մաս”,– նշած է Փութին՝ պնդելով, որ Երեւան իր այդ նախաձեռնութեան մասին նոյնիսկ տեղեակ չէր պահած Մոսկուան: