Search
Close this search box.

Փաշինեան՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն մասին

Դեկտեմբեր 18-ին, ելոյթ ունենալով  Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ Արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած ընդունելութեան, վարչապետ Փաշինեան ի միջի այլոց յայտարարած է. “2023 թուականը մեծ մարտահրաւէրների տարի էր: Այդ մարտահրաւէրներից առանցքայինը Լեռնային Ղարաբաղում տեղի ունեցած ցեղային զտումներն էին, եւ դրա հետեւանքով, ըստ էութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումը։ Տեղի ունեցածը հետեւանք էր մի իրավիճակի, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը բազմիցս հրապարակային ահազանգում էր, որ իրադարձութիւնները զարգանում են այդ ուղղութեամբ, ակնկալելով միջազգային յստակ գործողութիւններ, բայց պիտի արձանագրենք նաեւ, որ այդ գործողութիւնները տեղի չունեցան, ցաւօք:

Ըստ էութեան, իրադարձութիւնները զարգացան մեր կողմից կանխատեսուող ամենայոռետեսական բեմագրութեամբ, որը սակայն, ինչպէս իրադարձութիւնները ցոյց տուեցին, իրատեսական բեմագրութիւն էր:

Այս առումով, կարծում եմ՝ էական է եւս մէկ անգամ ընդգծել Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուածների վերաբերեալ մեր քաղաքականութիւնը: Մեր մօտեցումը այն է, որ եթէ մեր հայրենակիցները Լեռնային Ղարաբաղ վերադառնալու իրատեսական հնարաւորութիւն չունենան ինչ-ինչ պատճառներով, մեր քաղաքականութիւնն է ամէն ինչ անել, որ նրանք մնան Հայաստանի Հանրապետութիւնում”։

Ան բաւարարութեամբ արձանագրած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ի վիճակի եղաւ մէկ շաբթուան ընթացքին ընդունիլ աւելի քան 100.000 գաղթական, առանց գաղթականներու ճամբարներ կամ վրանային ճամբարներ հիմնելու:

“Բայց միւս կողմից՝ նաեւ  ուզում եմ մեր այն միջազգային գործընկերներին, ովքեր այս ընթացքում մեզ աջակցել են եւ պատրաստակամութիւն յայտնել ու փաստացի շարունակում են իրենց օգնութիւնը, եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնել եւ արձանագրել այդ աջակցութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը”,– նշած է Նիկոլ Փաշինեան: