Search
Close this search box.

Մայր Աթոռի հաղորդագրութիւնը Հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մասին

 

«“Հայոց պատմութիւն” առարկայի 7-րդ դասարանի նոր դասագիրքին ուսուցումով պիտի խաթարուի սերունդներու ազգային դաստիարակութիւնը»

Դեկտեմբեր 21-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած են հայրենական կեանքի կրթական խնդիրներուն նուիրուած քննարկումներ, մասնակցութեամբ՝ Մայր Աթոռի Կրթական յանձնախումբի հոգեւոր եւ աշխարհիկ անդամներուն, կրթական հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ծանօթ մտաւորականներու, մասնագէտներու։ Քննարկուած են հանրակրթութեան բնագաւառին մէջ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան նախաձեռնած փոփոխութիւններուն առնչուող հարցեր։ Մասնակիցները վերահաստատած են հանրակրթութեան պետական եւ առարկայական չափորոշիչներու եւ ծրագրերու վերաբերեալ իրենց վերապահումները, մասնաւորաբար անդրադառնալով «Հայոց պատմութիւն» առարկայի 7-րդ դասարանի նոր դասագիրքին։ Արձանագրուած է, որ դպրոցական յիշեալ գիրքին մէջ տեղ գտած են հայեցակարգային, մեթոտաբանական, գիտական, եկեղեցագիտական եւ կարեւոր այլ բնոյթի կոպիտ սխալներ ու բացթողումներ։ Դիտել տրուած է, որ դասագիրքին մէջ առարկայականօրէն ու պատշաճ ծաւալով ներկայացուած չեն ազգային, պետական ու հոգեւոր կեանքի պատմական կարեւոր իրադարձութիւնները, կերպարներն ու խորհրդանիշերը։

Մեկնելով արտայայտուած վերապահումներէն՝ քննարկման մասնակիցները ընդգծած են, որ աղճատուած եւ սխալաշատ այս դասագիրքի ուսուցումով պիտի խաթարուի սերունդներու ազգային դաստիարակութիւնը։

Անհրաժեշտ նկատուած է, որ  ԿԳՄՄ նախարարութիւնը՝ դպրոցներու մէջ գործածուող վերոնշեալ դասագիրքը քաշէ գործածութենէ եւ ձեռնամուխ ըլլայ  նոր դասագիրքի ստեղծման՝ այդ գործընթացին մէջ ներգրաւելով պատմաբաներ, եկեղեցականներ եւ գիտակրթական հաստատութիւններու մասնագէտ ներկայացուցիչներ։ 

Կարեւորութեամբ ընդգծուած է, որ կրթական ոլորտի՝ մասնաւորապէս հայագիտութեան խնդիրներու վերաբերեալ պարբերաբար կազմակերպուին նմանօրինակ քննարկումներ՝ յիշեալ բնագաւառի խնդիրներու լուծման եւ որակեալ կրթութեան ապահովման նպատակով։