Search
Close this search box.

Պայրամով. «Խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու զարգացման հիմք հանդիսանալ»

Դեկտեմբեր 24-ին, AzTV-ին տուած հարցազրոյցին Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման հիմք հանդիսանալ։

“Կարելի չէ ըսել, որ խաղաղութեան պայմանագիրը բոլոր հարցերուն հարիւր տոկոս լուծում կ՚ապահովէ, բայց ան կրնայ դառնալ երկու պետութիւններու միջեւ սկզբունքները սահմանող փաստաթուղթ մը, որ հիմք կը ստեղծէ բարիդրացիական յարաբերութիւններու համար”,– ըսած է ան։

“Խաղաղութեան հոլովոյթը կախեալ չէ մէկ կողմի ցանկութենէն։ Այստեղ կարեւոր է, որ երկու կողմերն ալ համապատասխան քայլերու ձեռնարկեն։ Ազերպայճանի ինքնիշխանութեան ամբողջական վերականգնումէն ետք մենք ուշադիր կը հետեւինք Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան ուղերձներուն։ Մենք նաեւ դրական արձագանգներ կը ստանանք”,– յայտնած է ան, տեղեկացնելով, որ Պաքու Նոյեմբերի վերջին Երեւանէն ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ առաջարկներու յաջորդական թղթածրարը։ “Հայաստանին ներկայացուած է առաջարկներու թղթածրարը, զոր մշակած ենք մէկ ամսուան ընթացքին։ Գործընթացը կը շարունակուի։ Կը կարծեմ, որ հանդիպումները կը կայանան 2024-ին։ Մենք իրատես ու լաւատես ենք այս հարցին նկատմամբ”,– նշած է Պայրամով։

Երեւան ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին շուրջ Պաքուի վերջին առաջարկները

Նոյն օրը, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան տեղեկացուցած է, թէ Երեւան ստացած է խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին շուրջ Պաքուի վերջին առաջարկները։