Search
Close this search box.

Փրանկիսկոս պապ. «Թող մօտենայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան օրը»…

Դեկտեմբեր 25-ի կէսօրին, Նորին Սրբութիւն Փրանկիսկոս պապը աւանդութեան համաձայն Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղած է «Urbi et Orbi» պատգամը, յիշելով այն երկիրները, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու ու անարդարութիւններու պատճառաւ, դատապարտելով սպառազինութիւնը ու հրաւիրելով ըլլալ ձայնն անոնց` որոնք ձայն չունին, սկսեալ անմեղներէն, գործազուրկներէն եւ իրենց հայրենիքէն փախուստ տուողներէն։ “«Այո՛» ըսենք խաղաղութեան եւ «ո՛չ» պատերազմին ու մեր սիրտը բանանք Փրկիչ ու Խաղաղութեան Իշխան Յիսուսին”,– ըսած է Հռոմի պապը։

Հայաստանին ուղղուած պատգամին մէջ ան ընդգծած է.

“Թող մօտենայ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան օրը. կը մաղթեմ, որ տեղահանները վերադառնան իրենց տուները՝ օրինական եւ ապահով պայմաններու մէջ, ու յարգուի կրօնական ու մշակութային ժառանգութիւնը”։