Search
Close this search box.

Հենրիխ Մխիթարեան. «Շնորհակալութի՛ւն Հայաստան»

Իտալական «Ինթեր»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին 2023-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը հռչակուելուն համար:

«2023-ի լաւագոյն ֆութպոլիստ՝ արդէն 11-րդ անգամ: Շնորհակալութի՛ւն Հայաստան»,– Դիմագիրքի իր էջին գրած է ան:

Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը ամփոփած է Հայաստանի 2023-ի լաւագոյն ֆութպոլիստի քուէարկութեան արդիւնքները։ Ստանալով 81 ձայն՝ 2023-ի լաւագոյն ֆութպոլիստ յայտարարուած է Հենրիխ Մխիթարեան։

***

Միւս կողմէ, «Ինթեր»-ի բոլոր խաղացողները,– որոնց մէջ մեծամասնութիւն են ոչ-Իտալացիները,– տեսանիւթով մը ակումբի համակիրներուն յայտնած են Սուրբծննդեան եւ ամանորեայ իրենց բարեմաղթութիւնները, իւրաքանչիւրը իր մայրենիով, Մխիթարեան ալ բնականաբար՝ հայերէնով ։