Search
Close this search box.

Վարչապետ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին՝ Քերմանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան կապակցութեամբ:

«Սրտի խոր կսկիծով տեղեկացայ Քերմանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան մասին, որու հետեւանքով զոհուած եւ վիրաւորուած են անմեղ մարդիկ։ 

Այս ծանր պահուն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին եւ անձամբ իմ անունով, Ձե՛րդ գերազանցութիւն, թոյլ տուէք վշտակցութեան յայտնել զոհերու բոլոր հարազատներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթել բոլոր վիրաւորներուն»,– նշուած է հեռագրին մէջ: