Search
Close this search box.

Պաքու կրկին կը խօսի դէպի Նախիջեւան անարգել ճանապարհի, հարիւր հազարաւոր Ազերպայճանցիներու՝ Հայաստան վերադարձի մասին

Գերմանական Berliner Zeitung-ին տուած հարցազրոյցին, Ազերպայճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ շարունակած է պնդել, թէ Հայաստան պէտք է դէպի Նախիջեւան ճամբայ տրամադրէ՝ առանց մաքսային ու սահմանային վերահսկողութեան՝ ընդգծելով, որ «Երեւան նման պարտաւորութիւն ստանձնած է 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ»։

Գերմանացի լրագրողին հարցումին, թէ «սա կը նշանակէ որ Հայաստան պէտք է հրաժարի՞ սահմանային ու մաքսային վերահսկողութենէն», Հաճիեւ պատասխանած է. “Այո՛, այդ իսկ պատճառով փաստաթուղթին մէջ ներառուած է «առանց խոչընդոտի» բառը՝ ճամբորդներու եւ բեռներու փոխադրութեան վերաբերեալ։ Հայաստան ստորագրած է այդ պարտաւորութեան տակ։ Միաժամանակ, պէտք է յստակեցնել, որ մենք կ՚ակնկալենք սահմանային ու մաքսային վերահսկողութեան ջնջում մի՛այն Ազերպայճանէն Նախիջեւան փոխադրուող բեռներու համար։ Բայց երբ Ազերպայճանէն ապրանքներ փոխադրուին որեւէ երրորդ երկիր, ի հարկէ, Հայաստան պէտք է համապատասխան մաքսային ու սահմանային վերահսկողութիւն կատարէ”:

Ան մասնաւորապէս նշած է, թէ Ազերպայճան չի վստահիր հայ իրաւապահներուն, թէեւ մինչ այդ ըսած էր, որ երկու երկիրները այժմ մօտ են խաղաղութեան։ “Մեր մտահոգութիւնը այն է, որ չենք կրնար ազերպայճանական ապրանքները, մեր ճամբորդները ձգել հայ իրաւապահներու քմահաճոյքին։ Հայաստանով երթուղին Երեւանի պարտաւորութիւնն է եւ պէտք է իրագործուի”,– պնդած է Հաճիեւ։

Ազերպայճանի նախագահի խորհրդականը նաեւ արծարծած է «հարիւր հազար Ազերպայճանցիներու՝ Հայաստան վերադառնալու իրաւունքի հարցը»: “Հայաստանի վարչապետը զանոնք (Ազերպայճանցիները)՝ Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիք կը նկատէ, որ անընդունելի է։ Կարելի չէ մէկ կողմէ խաղաղութեան դարաշրջանի մասին յայտարարել, միւս կողմէ իբրեւ սպառնալիք դիտարկել ազերպայճանցի գաղթականները, որոնք կ՚ուզեն վերադառնալ”,– ըսած է Հաճիեւ՝ պնդելով, թէ այդ Ազերպայճանցիները պիտի վերադառնան իրենց «պատմական հայրենիք»-ը։

“Արևմտեան Ազերպայճանի համայնքը՝ Հայաստանէն արտաքսուած գաղթականները, կ՚ընդգծեն, թէ կը յարգեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը եւ իրենց նպատակն է խաղաղ վերադառնալ իրենց հայրենի հողերը՝ Հայաստան”,– նշած է ան։